2012-10-26 12:59:30

Այսօր Սուրիոյ Մէջ Սկիզբ Առաւ Զինադադարը` Ատհայի Տօնին Առիթով.


Սուրիական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակը այսօրուընէ մինչեւ երկուշաբթի կը դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները, սակայն իրեն կը վերապահէ հակադարձելու իրաւունքը:
Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ իր կարգին յայտարարեց, որ ազատ բանակի զինեալները Ատհայի տօնին ընթացքին պիտի յարգեն զինադադարը: Ան նաեւ կոչ ուղղեց` բոլոր բանտարկեալները այսօր ազատ արձակելու: Սակայն սուրիական զինեալ ընդդիմութեան «Անսար Շարիա» խմբակը յայտարարեց, որ զինադադարը պիտի չյարգէ` աւելցնելով, որ կը կասկածի, թէ Սուրիոյ բանակը պիտի յարգէ զայն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` Ատհայի տօնին ընթացքին զինադադարը յարգելու: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա կը յուսայ, որ զինադադարը յարգուի` նշելով, որ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը Սուրիան տագնապէն նուազագոյն վնասներով դուրս կը բերէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կեննատի Կաթիլով սուրիական զինեալ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` յարգելու զինադադարը: «Կարեւորը այն է, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութիւնը զինադադարը յարգէ, ապա կարելի է զինադադարը քանի մը օրով երկարաձգել», նշեց Կեննատի Կաթիլով:








All the contents on this site are copyrighted ©.